ҽ

ԵՀՕ խաչը ԵՀՕ խաչը 

ԵՀՕ 2027. Քորէացի երիտասարդներուն պիտի յանձնուի խաչը՝ 24 նոյեմբերին

Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Փորթուկալցի երիտասարդները Քորէացի երիտասարդներուն պիտի յանձնեն երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքը խորհրդանշող խաչն ու Տիրամօր Սրբապատկերը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 24 նոյեմբերին, Տիեզերքի Քրիստոս թագաւորին տօնին օրը, ողջ աշխարհի մէջ կաթողիկէ համայնքները կը միանան տօնակատարելու համար՝ տեղական մակարդակով երիտասարդներու համաշխարային 39 րդ օրը։ Այս օրը յատուկ նշանակութիւն ունի Վատիակնի մէջ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի գլխաւորէ սուրբ Պատարագի արարողութիւնը եւ որուն ընթացքին ԵՀՕ խորհդանշիները՝ խաչն ու Տիրամօր Սրբապատկերը պիտի յանձնուին՝ Փորթուկալցի երիտասարդներուն կողմէ  Քորէացի երիտասարդներուն, ի պատրատսութիւն Սէուլի մէջ կայանալիք 2027 թուականին միջազգային երիտարդահաց համահաշխարհային հաւաքին։

Եսայի մարգարէն քաղուած «Անոնք որոնք յոյս ունին Տիրոջ վրայ պիտի քալեն առանց յոգնելու», ( Ես 40,31) կարգախօսը հրաւէր է բոլոր երիտասարդներուն՝ մտածելու համար իրենց յոյսին եւ հաւատքի մէջ իրենց ուղեւորութեան մասին։ Այս Սուրբ Գրային հատուածը չծառայեր միայն, որպէս ուղեցոյց ԵՀՕ, այլ կը ոգեւորէ տարեկան հովուական ծառայութեան գործունէութիւնները, ինչպէս ընդգծուած է այս հրատարակութեան համար Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին մէջ։

2020 թուականին, Ֆրանչիսկոս Պապ Զատկուայ շրջանին ԵՀՕ տեղափոխեց Քրիստոս Թագաւորին տօնակատարութեան օրը, միշտ կեդրոն պահելով Յիսուս Քրիստոսի Փրկիչի խորհուրդը։ Այս փոփոխութիւնը որոշ հարցեր առաջադրեց, սակայն Քահանայապետը կրկնեց, որ միջոցառումին էականը անփոփոխ կը մնայ, եւ երիտասարդները կանչուած են Քրիստոս թագաւորին հետ հանդիպելու։

Բացի տեղական տօնակատարութիւններէն այս տարի ԵՀՕ նշանակալից իրադարձութիւններ տեղի կ՝ուենան Հռոմի մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին ԵՀՕ խորհրդանիշերը պիտի յանձնուին Քորէացի երիտասարդներուն, որոնք պիտի սկսին 2027 թուականի միջոցառման նախապատրաստական աշխատանքներուն։

Արարողութեան պիտի մասնակցին Քորէայէն եւ Փորթուկալէն ժամանած երիտասարդներէ կազմուած պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ ողջ աշխարհէն ժամանած երիտասարդներու ներկայացուցիչները։

Այս տարի հանդիպումը կը տեղաւորուի նաեւ ընկերային իրազեկման աւելի լայն շրջանակին մէջ ԵՀՕ եւ աղքատներուն համաշխարհային օրուան համատեղ նախաձեռնութիւններով, ընդգծելով ընկերային գործողութիւններուն կարեւորութիւնը։ Այս կերպով երիտասարդները կանչուած են ապրելու իրենց հաւատքին շօշափելի վկայութիւն մը, առաւել կարիքաւորներուն նուիրուածութեան միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2024, 09:03