«Դարձէք յոյսի նշաններ« Արք. Կալլակեր Քամերունի եպիսկոպոսներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր այցելեց Քամերուն նշելու համար Քամերունի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ կնքուած համաձայնագիրի 10-րդ ամեակը։
Քամերուն այցելութեան ծիրէն ներս Արք Կալլակեր, եպիկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնները ու օրհնութիւնը ու ընդգծեց աւետարանումի առաքելութեան եւ սինոդական եկեղեցի կառուցելու կարեւորութիւնը։
Գերպ Կալլակեր կարեւորեց Քամերունի եկեղեցւոյ աշխատանքը, բարձր գնահատելով ժողովրդապետութիւններու եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն աճը ապա յորդորեց եպիսկոպոսները միասնին աշխատելու արդարութիւն եւ խաղաղութիւն խթանելու համար, բռնութեամբ եւ անկայունութեամբ բնորոշուած վայրերուն մէջ ինչպէս կատարուած է Պոքօ Հարամին մէջ։
Գերպ Կալլակեր յիշեցուց նաեւ եկեղեցւոյ դերը՝ ընկերային հաշտարար գործին մէջ, հրաւիրելով եպիսպոպոսները լսելի դարձնելու իրենց մարգարէական ձայնը՝ լուծելու համար այնպիսի մարտահրաւէրներ, ինչպէս գաղթականութեան, կաշառակերութեաներեւոյթը։ Գերպ Կալլակեր ընդգծեց կրօնական ազատութեան յարգանքը, ընդգծելով եկեղեցին որպէս պետութեան գորընկեր եւ ոչ թէ որպէս հասարական կազմակերպութիւն ապա քաջալերեց կղերկանները վառ պահելու յոյսը՝ ի տես յոբելեանին եւ եռանդով շարունակել իրենց առաքելութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ