ҽ

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի այցը Ուկրանիա, 20.07.2024 Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի այցը Ուկրանիա, 20.07.2024 

Կարիքը կայ հեռատես պետական այրերու՝ ունակ մտածելու սեփական ժողովուրդներու բարօրութեան մասին․ Կարդինալ Փարոլին

Հարցազրոյց Վատիկանի Պէտքարտուղարի հետ Ուկրանիոյ դէմ ռազմական յարձակումի հազարերորդ օրուան առիթով․ «Չենք կարող յանձնուիլ պատերազմի անխուսափելիութեան. Ես անկեղծօրէն յուսով եմ, որ այս տխուր օրը, հազարերորդը Ուկրանիոյ դէմ լայնածաւալ պատերազմի սկիզբէն ի վեր, պատասխանատուութեան սլացք կ’առաջացնէ բոլորի եւ յատկապէս անոնց մօտ, որոնք կարող են դադրեցնել շարունակուող ջարդերը»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

18 Նոյեմբեր 2024ին Հաղորդակցութեան Վերատեսուչութեան Խմբագրական կազմի տնօրէն Անտրէա Թորնիելլին հարցազրոյց վարեց Սուրբ Աթոռի Պէտքարտուղար Փիեթրօ Փարոլինի հետ՝ Ուկրանիոյ դէմ լայնածաւալ պատերազմի հազարերորդ օրուայ կապակցութեամբ եւ G20 մասնակցելու նպատակով Պրազիլ մեկնելէն առաջ։

«Ինչպիսի՞ հոգեվիճակ ունիք»․ Այս եղաւ առաջին հարցումըը։ Վատիկանի բարձրաստիճան Պաշտօնեան նշեց, որ խոր տխրութիւն կը պատճառէ պատերազմի փաստը, քանի որ «չենք կրնար վարժուիլ կամ անտարբեր մնալ ամէնօրեայ մահուան եւ կործանման մասին լուրերու նկատմամբ»․ «Ուկրանիան յարձակման ենթարկուած եւ նահատակուած Երկիր է, որն ականատեսը կ’ըլլայ ուսումէն, աշխատանքէն եւ ընտանիքէն զրկուած այրերու բոլոր սերունդներու զոհաբերութիւններուն»։

Ի՞նչ կրնանք ընել Ուկրանիոյ օգնելու համար

Կարդինալ Փարոլինը ապա պատասխանեց «Ի՞նչ կրնանք ընել Ուկրանիոյ օգնելու համար» հարցադրումին. «Նախ, որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ, կարող ենք եւ պէտք ենք աղօթել: Աղաչել Աստուծոյ, շարունակել խնդրել Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի դարձի բերէ «պատերազմի տիրակալներու» սրտերը։ (…) Երկրորդ, կարող ենք զօրակցութիւն ցոյց տալ անոնց, որոնք կը տառապին, որոնք խնամքի կարիք ունին, որոնք ամէն ինչի կարիք ունին: (….) Երրորդ՝ կարող ենք լսելի դարձնել մեր ձայնը՝ որպէս համայնք եւ որպէս ժողովուրդ՝ խաղաղութիւն խնդրելու համար» եւ որ այդ «խնդրանքները լսելի ըլլան եւ հաշուի առնուին»։ Կարող ենք ոչ ըսել պատերազմին, սպառազինութիւններու խելայեղ մրցավազքին, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ դատապարտել։

Ի՞նչ պէտք է այսօր գէթ զէնքերու աղմուկը դադրեցնելու համար

Իսկ թէ «ի՞նչ պէտք է այսօր գէթ զէնքերու աղմուկը դադրեցնելու համար» Պէտքարտուղարը հաստատեց, որ ճիշտ է այդ մէկը ըսել, որովհետեւ «արդար խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները ժամանակ կը պահանջեն», մինչդեռ ի մասնաւորի «Ռուսաստանը, որ սկսած է հակամարտութիւնը» կարող է քանի մը ժամուայ ընթացքին, դադրեցնել յարձակումը։ Կարդինալ Փարոլինը դիտել տուաւ յատկապէս, որ այդ «պատերազմը կը վտանգէ ներքաշել միջուկային բախման, այսինքն՝ դէպի անդունդ։ Սուրբ Աթոռը կը ջանայ հնարաւոր ամէն ինչ ընել, բոլորի հետ երկխօսութեան ուղիները պահպանելու համար, բայց պատմութեան ժամացոյցը ետ շրջելու զգացողութիւն կայ։ Անցեալի ժառանգութիւնը՝ դիւանագիտական​​ գործողութիւնները, երկխօսութեան համբերութիւնը, բանակցային ստեղծագործ աշխատանքը կարծես անհետացել են։ Պատերազմը կը գողնայ մանուկներու եւ երիտասարդներու սերունդներու ապագան, պառակտումներ կ’առաջացնէ եւ կը բորբոքէ ատելութիւնը: Կարիքը կայ հեռատես պետական ​​այրերու՝ ունակ խոնարհութեան խիզախ ժեսթերու, ունակ մտածելու իրենց ժողովուրդներու բարօրութեան մասին»։

Այսօր բանակցելու հնարաւորութիւն կայ՞

Ի վերջոյ «այսօր բանակցելու հնարաւորութիւն կայ՞» հարցումի առնչութեամբ Վատիկանի Պէտքարտուղարը շեշտեց, որ «բանակցութիւնները միշտ հնարաւոր են, նոյնիսկ եթէ նշանները դրական չեն։ «Ազնիւ բանակցութիւններ» եւ «պատուաւոր փոխզիջումներ», ինչը նշան է ոչ թէ թուլութեան, այլ քաջութեան, հաստատեց Ան՝ կրկնելով Սրբազան Քահանայապետի խօսքերը Լիւքսեմպուրկ եւ Պելճիքա կատարած իր վերջին այցի ատեն՝ «երկխօսութիւնը այն հիմնական ուղին է, որ պէտք է բռնեն անոնք, որոնց ձեռքերու մէջ են ժողովուրդներուն ճակատագրերը»։

«Մենք չենք կրնար յանձնուիլ պատերազմի անխուսափելիութեանը: Ես անկեղծօրէն յուսով եմ, որ այս տխուր օրը՝ հազարերորդը Ուկրանիոյ դէմ ռազմական յարձակումի բռնկումէն ի վեր, պատասխանատուութեան սլացք կ’առաջացնէ բոլորի եւ յատկապէս անոնց մօտ, որոնք կարող են դադրեցնել շարունակուող ջարդերը», եզրափակեց Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

 

Աւելցնենք, նաեւ, որ Վատիկանի Պետքարտուղարը երէկ՝ 17 Նոյեմբերին Հռոմի Սան Վիթալէ Պազիլիքայէն ներս նախագահեց Հռոմի մէջ ռումաինացի հաւատացեալներու անխափան հովուական խնամքի 25ամեակին առթիւ Սուրբ Պատարագը, ուր արտասանած իր քարոզի մէջ ի մասնաւորի ընդգծեց անցեալի յիշողութեան կարեւորութիւնը, որտեղ հաւատքը մասնատուած համայնքի սոսինձն եղած է. «Հասարակութեան տանջանքները եւ պատմութեան ցնցումները չպէտք է խանգարեն Աստուծոյ Արքայութեան, որ մեր մէջ է»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2024, 14:02