ҽ

Սուրբ Հոգին եւ Սուրբ Կոյսը. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւն

Սուրբ Կոյսը` Մայրն է որ մեզ կը տանի Յիսուսին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 13 Նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ։ Այս առիթով Ան շարունակելով Սուրբ Հոգիին նուիրուած իր խորհրդածութիւններու շարքը, որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրեց Մարիամը եւ Սուրբ Հոգին։

Մարեմեան բարեպաշտութիւնը

«Սուրբ Հոգիի զանազան միջոցներու շարքին, որով Ան Եկեղեցւոյ սրբագործութեան գործը կը կատարէ` Աստուծոյ Խօսք, Խորհուրդներ ու աղօթք կայ գործ մը, որ բոլորովին իւրայատուկ է` Մարեմական Բարեպաշտութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «Սուրբ Կոյսը` մեզի ցոյց կու տայ Յիսուսը։ Ան մեզի կը բանայ դռները։ Տիրամայրը մայրն է` որ մեզ կը տանի Յիսուսին։ Ան երբեք ինքզինք չ՛առաջարկեր, կ՛առաջարկէ Յիսուսը։ Այս է մարեմեական բարեպաշտութիւնը` Յիսուսին երթալ Մարիամի ձեռքով» ըսաւ Քահանայապետը։

Քրիստոսին նամակը

Սուրբ Պօղոս քրիստոնէական հասարակութիւնը կը սահմանէ «Քրիստոսին նամակ, կազմուած մեզմով, գրուած ոչ թէ մելանով այլ կենդանի Աստուծոյ Հոգիով, ոչ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, այլ մարմնեղէն սրտի տախտակներուն վրայ (Բ Կոր 3,3)։

«Մարիամ` որպէս առաջին աշակերտուհի ու Եկեղեցւոյ պատկեր ինք եւս նամակ է` գրուած կենդանի Աստուծոյ Հոգիով եւ ասոր համար ան կարող է բոլոր մարդոցմէ ճանչցուիլ ու կարդացուիլ, նաեւ անոնցմէ` որոնք աստուածաբանութեան գիրքեր կարդալ չեն գիտեր, այն փոքրիկներէն, որոնց, կ՛ըսէ Յիսուս, յայտնի են Թագաւորութեան խորհուրդները, որոնք ծածուկ են իմաստուններուն (հմմտ. Մատթ. 11,25)»։

Մարիամ  մեզ կը մղէ մեր կարգին մեր «այոն» ըսելու Աստուծոյ

«Մարիամ, երբ արտասանեց իր «թող ըլլան», ինքզինք առաջարկեց Աստուծոյ դատարկ էջի նման, եւ անոր ամբողջական տրամադրութիւնը Աստուծոյ առջև կրօնական վարքագծի գագաթնակէտն է» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ ինչպէս Մարիամ մեզի կ՛առաջարկէ երկու բառեր` որ կարող ենք արտասանել բոլորս «Ահաւասիկ եմ» եւ «թող ըլլայ»։

«Մարիամ արդարեւ Ան է` որ «այո» ըսաւ Աստուծոյ եւ իր օրինակով ու բարեխօսութեամբ մեզ կը մղէ մենք եւս ըսելու մեր «այոն» Աստուծոյ, ամէն անգամ որ գտնուինք դժուարութեան մը առջեւ, զոր պէտք է յաղթահարենք կամ հնազանդութեան` որ ի գործ պիտի դնենք»։

Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը

«Իր պատմութեան իւրաքանչիւր դարաշրջանի մէջ, բայց յատկապէս այս պահուն, Եկեղեցին կը գտնուի այն իրավիճակին մէջ, որուն մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնը կը գտնուէր Յիսուսի երկինք Համբարձումէն յետոյ: Ան պէտք է Աւետարանը քարոզէ բոլոր մարդկանց, բայց սպասումի մէջ է «վերին իշխանութեան», որպէսզի կարողանայ այդ մէկը կատարել» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով չմոռանալ, որ այդ պահուն, ինչպէս կը կարդանք «Գործք Առաքելոց»ի մէջ, աշակերտները հաւաքուած էին «Մարիամի՝ Յիսուսի մօր» շուրջը (Գործք Առաքելոց 1:14):

Ոտքի կանգնինք ու երթանք մեր օգնութեան կարօտը ունեցողներուն մօտ

Շիտակ է` որ այլ կիներ ալ կային անոր հետ վերնատան մէջ, բայց Մարիամին ներկայութիւնը տարբեր ու եզակի էր։ Անոր ու Սուրբ Հոգիին միջեւ կայ եզակի կապ մը, որ յաւիտենապէս անկործանելի է, որ է Քրիստոսին նոյնինքն անձը` որ «ծնաւ կատարելապէս ի Մարիամայ սրբոյ կուսէն Հոգւովն Սրբով», յարեց հուսկ Քահանայապետը մատնանշելով Ղուկաս Աւետարանիչին ու Սուրբ Ֆրանչեսքօ Ասսիզացիի Սուրբ Հոգիի ու Սուրբ Կոյս Մարիամի միջեւ կապի հայող գրութիւններուն, յատկապէս շեշտը դնելով «Սուրբ Հոգիին հարս» պատկերին վրայ, նշելով որ «Սուրբ Կոյսը հարս է բայց նախ եւ առաջ աշակերտ է Սուրբ Հոգիին» ու հրաւիրեց անորմէ սորվիլ ըլլալ հլու Սուրբ Հոգիի ներշնչումներուն, յատկապէս երբ Ան մեզի կ՛առաջարկէ «արագօրէն ոտքի կանգնիլ» ու երթալ օգնելու մէկ մը` որ մեզի պէտք ունի, ինչպէս ըրաւ Մարիամ Հրեշտակի Աւետիսէն ետքը (հմմտ Ղուկ 1,39)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2024, 09:21

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >