ҽ

SWITZERLAND UKRAINE RUSSIA CONFLICTS

Այս ողբերգութեան վերջին խօսքը կը մնայ Աստուծոյ. Քահանայապետին նամակը Ուքրանիոյ պապական նուիրակին

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի հազարերորդ օրուան առիթով Սրբազան Պապը նամակ մը յղած է Ուքրանիոյ մէջ Պապական Նուիրակ Գերապ. Վիզվալտաս Քուլպոքասին շնորհակալութիւն յայտնելով անոր ուքրանիոյ ժողովուրդին մօտիկ մնացած ըլլալուն համար ապա աղօթք կը բարձրացնէ Աստուծոյ որպէսզի դարձի բերէ սրտերը ու զանոնք կարող դարձնէ երկխօսութեան, հաշտութեան ու համերաշխութեան ուղիներ սկսելու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Բոլոր ուքրանացիներուն ուղղուած ողջագուրում, ուր որ ալ գտնուին։ Աղօթք ապա լռութիւն նման անոր` որ կը կատարուի իւրաքանչիւր օր, առաւօտեան ժամը ինին յիշելու համար հակամարտութեան զոհերը եւ բանտարկեալները։ Ապա կոչ` որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք պատասխանատուութիւններ ունին կարողանան նախաձեռնել «երկխօսութեան, հաշտութեան ու համերաշխութեան ուղիներ», ապա վստահութիւնը` թէ Աստուած միշտ մօտիկ է մեզի, նոյնիսկ երբ մարդկային ջանքերը կը թուան անպտուղ...։ Քահանայապետը այս իր զգացումները յանձնած է նամակի մը` զոր ուղղեց Ուքրանիոյ մէջ Պապական Նուիրակ Գերապ. Վիզվալտաս Քուլպոքասիին, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի հազարերորդ օրուան դժբախտ տարեդարձին առիթով, որ Պերկոլիոյ Քահանայապետը կը համարէ «հսկայական ողբերգութիւն», որուն վերջին խօսքը կը մնայ Աստուծոյ։

Թող դարձի քան սրտերը

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը սրտաբուխ աղերս մը կ՛ուղղէ Աստուծոյ, «կեանքի, յոյսի, ու իմաստութեան աղբիւր, որպէսզի դարձի բերէ սրտերը ու զանոնք կարող դարձնէ ի գործ դնելու երկխօսութեան, հաշտութեան ու համերաշխութեան ուղիներ»։

Ան ապա հայեացքը ուղղելով բոլոր ուքրանացիներուն կը խոստովանի որ «ոչ մէկ մարդկային խօսք կարող է պաշտպանել անոնց կեանքը, առօրեայ ռմբակոծումներէն, ոչ ալ կարող է մխիթարել անոնք` որոնք կ՛ողբան իրենց մահերը, եւ ոչ ալ խնամել վիրաւորները, կամ հայրենիք վերադարձնել մանուկները, ու ազատել բանտարկեալները, ոչ իսկ մեղմել ձմռան դաժան հետևանքները, ոչ ալ վերականգնել արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը» կը գրէ Սրբազան Պապը հաստատելով սակայն` թէ «այս բոլորը կարող չեն ջնջել ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ բառը, որ դժբախտաբար այսօրուայ աշխարհին մէջ մոռցուած է»։ Ապա յոյս կը յայտնէ` որ Խաղաղութիւն բառէ դարձեալ հնչէ ընտանիքներուն, տուներուն եւ սիրելի Ուքրանիոյ հրապարակներուն վրայ...թէեւ առ այժմ այդպէս չէ։

Աղօթքի միութիւն

Նորին Սրբութիւնը կը վստահեցնէ հուսկ իր աղօթքի միութիւնը ուքրանացիներու աղօթքին` որպէսզի աւելի զօրեղ ըլլայ աղաղակը` որ կը բարձրանայ դէպի Երկինք, որտեղէն կու գայ օգնութիւնը։ Նամակը կ՛աւարտի աղօթքով` որպէսզի Աստուած, մինչ կը հաւաքէ բոլոր արցունքները, որոնց համար հաշիւ պիտի պահանջէ, մխիթարէ սրտերը ու ամրապնդէ իր ներկայութեան յոյսը։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ իր օրհնութիւնները կ՛ուղարկէ ուքրանացի բոլոր ժողովուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2024, 15:30