ҽ

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Շտապ անհրաժեշտ է կրթական պայմանագիր ընտանիքներու, դպրոցներու եւ հասարակութեան միջեւ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «La Scuola di Brescia» տպագրատունէն պատուիրակութիւն մը ու իր արտասանած պատգամին մէջ անդադարձաւ կաթողիկէ կրթութեան աւանդութեան ներդրման

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 21 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «La Scuola di Brescia» տպագրատունէն պատուիրակութիւն մը։ Այս առթիւ արտասանած պատգամը Սրբազան Հայրը սկսաւ յիշելով 28 յունիս 1965ին, Սուրբ Պօղոս Զ-ի միեւնոյն տպագրատան ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումն ու այդ առթիւ արտասանած ճառէն փոխանցած քաջալերանքը՝ աշխատելու դպրոցի ծառայութեան համար։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ կրթական կազմաւորումի վերաբերող կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ դպրոցական հաստատութիւններուն դերակատարութեան, յատուկէն կաթողիկէ վարդապետութենէն ներշնչուած դպրոցները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց մի քանի կարեւոր կէտերու վրայ.

Անցեալի ճանաչումը եւ ներկայի գիտակցութիւնը

Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ կաթողիկէ կրթութեան աւանդութեան ներդրման, ընդգծելով թէ ինչպէս «La Scuola» տպագրատան հիմնադիրներուն արժէքներն ու ձգտումները տակաւին արդիական են ու դիտել տալով, որ անցեալի եւ ներկայի այս կապը վճռորոշ է կրթական ժառանգութիւնը վառ պահելու համար։

Վտանգներն ու նորարարութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց մշակութային փոփոխութիւններու եւ հրատարակչատան մրցոյթին մէջ ներկայացուած մարտահրաւէրները ներդաշնակելու քաջութիւնը դիտել տալով, որ վտանգներու ճանաչումը ու անոնց լուծումը կարեւոր է իւրաքանչիւր հաստատութեան համար, մասնաւորապէս այն շրջանակէն ներս, ուր կազմաւորումը պէտք է արձագանքէ նոր զգայնութիւններու եւ կարիքիներուն։

Կրթութեան արժէքը

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ կրթութիւնը ոչ միայն դիտուած է, որպէս գիտելիքներու կուտակում, այլ մարդկային եւ հոգեւոր աճի գործընթաց, որ կը ներգրաւէ սիրտն ու միտքը։ «Ամբողջական կրթութեան կարեւորութեան ուսուցումը հիմնական է կազմելու համար կազմաւորումի անհատներ, որոնք կարող են նպաստելու աւելի արդար եւ աջակցող հասարակութեան։

Երկխօսութիւն եւ ներառականութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց բաց եւ երկխօսական վերաբերմունքի կարեւորութիւնը, որ կը խրախուսէ տարբեր մշակութային եւ ընկերային խումբերու միջեւ համագործակցութիւնը ու դպրոցը ներկայացուց որպէս հանդիպումի եւ աճումի վայր ուր կը կառուցուի համայնք մը, որ կը յարգէ եւ կ՝արժէքաւորէ բազմազանութիւնը։

Ապագայ եւ յոյս

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ փոփոխութիւնը ներկայացուց, որպէս հնարաւորութիւն եւ ոչ թէ որպէս սպառնանք։ Փոփոխութիւնը նոր սերունդներու համար մարտահրաւէրն մըն է ու կրթիչներուն պարտականութիւնն է վստահութիւն եւ յոյս տարածել, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու պատգամը աւարտեց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2024, 10:31