Ֆրանչիսկոս Պապ. Եղբայրսիրութիւնը վաւերական է Լոկ ճշմարտութեան մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 23 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի եկեղեցական դատական ատեանի կողմէ կազմակերպուած կազմաւորման դասընթացքին հետեւողները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ եկեղեցւոյ դատական ատեանի կազմաւորման եզրափակիչ հանդիպումը կարեւոր հնարաւորութիւն է խորհրդածելու համար ամուսնութեան եւ ընտանիքին հետ կապուած իրաւական, հովուական ծառայութեան մարտահրաւէրներուն մասին ու արդարութեան, եղբայրսիրութեան եւ ճշմարտութեան համադրման կարեւորութիւնը հիմնական է դատարանի առաքելութեան մէջ ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցական ատեաններուն ու եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան գործունէութեան մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ անհրաժեշտ է սիրել ու կիրառել արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը առօրեայ կեանքին մէջ՝ որպէս իրաւաբաններ ու այդ արժէքները պէտք են հետապնդուին միասին՝ նկատի ունենալով որ չկայ եղբայրսիրութիւն առանց արդարութեան եւ չկայ արդարութիւն առանց եղբայրսիրութեան։
Արդարութիւնը կը պահանջէ իւրաքանչիւրին տալ իր իրաւունքը, բայց պէտք է ապրեցուի սիրոյ մղումով, նպատակ ունենալով ուրիշի բարօրութիւնը ու իւրաքանչիւր անձ, որ կը մօտենայ իրաւաբանի մը պէտք է որ հանդիպի եկեղեցւոյ ողորմած դէմքին, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ արդարադատութեան կարգադրութիւնները պէտք չէ որ ընկալուած ըլլան որպէս ալսիրութեան դրսեւորումներ ու շատ կարեւոր է արդարութիւնը վերասահմանել որպէս առաքինութիւն, որ կը ծառայէ ուրիշներուն բարօրութեան։ Եղբայրսիրութեան սէրը կը ներառէ արդարութեան ծաւալը, չէ կարելի տալ առանց նախապէս վերահաստատելու, թէ ինչ բան կը պատկանի ուրիշին, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ կարեւոր է յաղթահարել արդարադատութեան վախը ու պէտք չէ որ անիկա հակասէ եղբայրսիրութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, արդարութիւնը կարելի չէ վիժել յանուն սիրոյ, որովհետեւ երկուքն ալ պէտք են ներդաշնակ ըլլան։ Եղբայրսիրութեան եւ արդարութեան միջեւ ներդաշնակութիւնը լուսաւորուած է միեւնոյն ճշմարտութեամբ, լոկ ճշմարտութեան մէջ եղբայրսիրութիւնը վաւերական է, նշեց Սրբազասն Հայրը ու պատգամը եզրափակեց յորդորելով ներկաները աշխատելու յոյսով, նկատի ունենալով մօտալուտ Սուրբ Տարին՝ ըլլալու համար յոյս կրողներ ուրիշներուն համար։
Շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց ընդգծելով եկեղեցւոյ ունեցած վստահութիւնը իրաւաբաններուն նկատմամբ, որպէս ճշմարտութեան մէջ եղբայրսիրութեան եւ արդարութեան գործիչներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ