ҽ

Կարդինալ Պուսթիլիոն եւ ճամբորդութեան նշանաբանը Կարդինալ Պուսթիլիոն եւ ճամբորդութեան նշանաբանը  (AFP or licensors)

15 դեկտեմբերին Քահանայապետը միօրեայ այցելութիւն պիտի կատարէ Քորսիքա

Ֆրանչիսկոս Պապը` պատմութեան մէջ Կղզին այցլող առաջին Քահանայապետը ըլլալով կղզիի Գլխաւոր Քաղաք Աեաչչոն պիտի այցելէ «La religiosité populaire en Méditerranée - Ժողովրդական կրօնականութիւնը Միջերկրական ծովին մէջ» համագումարի եզրափակումին առիթով» որպէս կարգախօս ունենալով. «Յիսուս կ՜անցնէր եւ բարիք կը գործեր» (Գործք 10,38)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ընդառաջելով Երկրի քաղաքացիական և եկեղեցական իշխանութիւններու հրաւէրին՝ Ֆրանչիսկոս Պապը դեկտեմբերի 15-ին Առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատար Այաչչօ` «La religiosité populaire en Méditerranée - Ժողովրդական կրօնականութիւնը Միջերկրական ծովին մէջ» համագումարի եզրափակումին առիթով». Լուրը յայտարարեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին` շաբաթ 23 նոյեմբեր 2024ին։

Նշանաբան եւ կարգախօս

Նոյն օրը հրատարակուեցաւ նաեւ ճամբորդութեան նշանաբանը եւ կարգախօսը։

Նշանաբանին յատակը ամբողջութեամբ կանաչ-կապոյտ է՝ ու կը ներկայացնէ ծովը, վերևի ձախ կողմը ոճաւորուած է Քորսիքան ՝ օգտագործելով կապոյտ ուղղահայեաց գիծեր:

Ամենաբարձր գիծի գագաթնակէտին կայ խաչին տեսքը որ կը խորհրդանշէ հաւատքը ի Քրիստոս և կապուած է դեղին գիծի հետ, որ կ՛իջնէ վերէն` խորհրդանիշը Սուրբ Հոգիին:

Ոճաւորուած կղզիի աջ կողմը, զետեղուած է ճամբորդութեան վերնագիրը դեղին գոյնով` լոյսի գոյն ու Սուրբ Աթոռի դրօշակի գոյնը, ուր գրուած է «Ֆրանչիսկոս Պապը Քորսիքայի մէջ» եւ անոր տակ Գործք առաքելոցէն քաղուած (Գործք 10,38) հետեւեալ նախադասութիւնը «Յիսուս կ՛անցնէր եւ բարիք կը գործեր» մատնանշելու համար թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Քորսիքայի Եկեղեցին կ՛այցելէ` որպէս Հովիւ, որ կը շրջի իր ժողովուրդին միջեւ։

Նշանաբանին վարի մասը զետեղուած է ապա Քորսիքայի Թագուհի` Սուրբ Կոյս Աստուածածնայ ուրուագիծը, որ իր հայեացքն ու աչքերը յղած է դէպի վեր։ Անոր մօտ զետեղուած է ճամբորդութեան թուականը` Կիրակի 15 դեկտեմբեր 2024:

Քորսիքան Միջերկրական ծովուն մէջ մեծութեամբ չորրորդ կղզին է եւ ունի յատուկ կարգավիճակ։ Անոր Գլխաւոր քաղաքը Այաչոն է։ Բնակչութիւնը՝ 314 486 մարդ կը հաշուէ։

Յայտագիր

Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն պիտի մեկնի առաւօտեան կանուխ ու Այաչչոյի միջազգային օդակայան պիտի ժամանէ ժամը ինի մօտերը ուր տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական ընդունելութեան արարողութիւնը։

Ան ապա անմիջապէս պիտի ուղղուի Այաչոոյի « Palais des Congrès et d’Exposition» համալիր ուր պիտի մասնակցի «La religiosité populaire en Méditerranée - Ժողովրդական կրօնականութիւնը Միջերկրական ծովին մէջ» համագումարի եզրափակիչ նիստին ժողովականներուն ուղղելով իր ճառը։

Այս հանդիպումէն ետքը Սրբազան Պապը Մարիամի Վերափոխման աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի հանդիպի տեղւոյն եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, նուիրեալ անձանց ու նորընծաներուն անոնց ուղղելով իր պատգամը ու անոնց հետ միասին աղօթելով Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Ապա յետմիջօրէին ժամը 3,30ին Նորին Սրբութիւնը պատարագ պիտի մատուցէ “Place d’Austerlitz” ի մէջ որմէ ետքը պիտի ուղղուի օդակայան ու օդակայանին մէջ, նախ քան Հռոմ վերադարձ կատարելը, պիտի հանդիպի Հանրապետութեան Նախագահին հետ եւ այս հանդիպումով պիտի աւարտէ միօրեայ իր այս ճամբորդութիւնը վերադարձ կատարելով Հռոմ ապա Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2024, 12:00