ҽ

Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Հայաստանի Վարչապետին

ՀՀ. Վարչապետ նիկոլ Փաշինեան այսօր` երկուշաբթի 18 նոյեմբերի առաւօտեան այցելեց Վատիկան ու հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Քահանայապետին ու Վարչապետին միջեւ առանձնազրոյցը տեղի ունեցաւ Գրադարանի դահլիճին մէջ ու տեւեց գրեթէ 30 վայրկեան` 8.55 մինչեւ 9.25։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր 18 նոյեմբերի առաւօտեան Առաքելական Պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ՀՀ Վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն։

Քահանայապետին ու Վարչապետին միջեւ առանձնազրոյցը տեղի ունեցաւ Գրադարանի դահլիճին մէջ ու տեւեց գրեթէ 30 վայրկեան` 8.55 մինչեւ 9.25։

Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց  Հայաստանի Վարչապետին
Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Հայաստանի Վարչապետին

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում եւ Վարչապետ Փաշինեան Սրբազան Պապին որպէս նուէր մատուցեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքին ձեռագործ նմուշ մը։ Մինչ Քահանայապետը Վարչապետին նուիրեց 2024ի Խաղաղութեան իր պատգամը ու«Քնքշութիւն և սէր» վերնագրով յախճապակիէ ստեղծագործութիւն մը, որուն վրայ պատկերացուած է Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին` խաղաղութեան ու մարդկութեան եւ բնութեան յարգանքի խորհրդանիշ, եւ միւս կողմէն ապականութենէ վտանգուած աշխարհի մը պատկերը։

Արուեստական այս գործը կ՛արտայայտէ արարչագործութեան սիրոյ և պաշտպանութեան պատգամը, որ ներշնչուած է Սրբազան Քահանայապետի խօսքերէն զոր Ան արտասանեց 2013 թուականի մարտի 19-ին, իր գահակալութեան հայրապետական ​​պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ. «Պահպանել ստեղծագործութիւնը՝ իւրաքանչիւր մարդ և իւրաքանչիւր կին, քնքշութեան և սիրոյ հայեացքով, կը նշանակէ բանալ յոյսի հորիզոնը, բանալ լոյսի շող մը բազում ամպերու մէջ, կը նշանակէ յոյսի ջերմութիւն բերել»։

Յայտնենք` որ ըստ տեղեկութիւններու ՀՀ Վարչապետին Վատիկան այցը տեւեց միայն մի քանի ժամ եւ Ա վերադարձաւ Հայաստան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2024, 10:29