ҽ

2024.11.17 Angelus

«Թող որ Կառավարիչները լսեն ժողովուրդներուն աղաղակը` որոնք խաղաղութիւն կը խնդրեն» . Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը յիշեց այս օրերուն Երանելի հռչակուած երեք նահատակ քահանաներ, ակնարկեց Աղքատներու Համաշխարհային Օրուան ու Ճանապարհներու զոհերուն, պաշտպանութիւն հայցեց ձկնորսներուն համար ու աջակցութիւնը Իտալիոյ Եկեղեցւոյ ձեռնարկած ««չարաշահումներու զոհերուն ու վերապրողներուն աղօթքի Օրուան, Ան ապա աղօթք խնդրեց խաղաղութեան համար հաստատելով որ «պատերազմը անմարդկային կը դարձնէ եւ կը մղէ հանդուրժելու անընդունելի ոճիրները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 Նոյեմբերի կէսօրին Առաքելական Պալատի գրասենեակէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ս. Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող հազարաւոր ուխտաւորներուն, որոնք մասնակցեցան աղօթքին, յիշեց Շաբաթ` 16 նոյեմբերին Սքութարի քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Կրցեր Եղբայրներու միաբանութենէն Լուիճի Փալիչը եւ թեմական Քահանան Կիոն Կածուլլին, որոնք զոհը եղան քսաներորդ դարու կրօնական հալածանքներուն։ Ան ապա յիշեց կիրակի օր` Ֆրիպուրկի մէջ Երանելի հռչակուած մարտիրոս Հայ Մաքս Ժոզէֆ Մեթսկերը, ո«րուն հակադրուեցաւ նացիական բռնատիրութիւնը, խաղաղութեան օգուտին իր կրօնական յանձնառումին համար» եւ ասկէ մեկնելով մաղթեց, որ «այս մարտիրոսներուն օրինակը թիկունք ու մխիթարանք ըլլայ բազմաթիւ քրիստոնեաներուն, որոնք մեր այս ժամանակներու ընթացքին խտրականութեան ենթարկուած են իրենց հաւատքին համար», ծափահարութիւն խնդրելով նոր Երանելիներուն համար։

Աղքատներու Համաշխարհային Օրը

Սրբազան Պապը յիշեց ապա Կիրակի օր նշուող Աղքատներու Համաշխարհային Օրը, որուն բնաբանն է «Աղքատին աղօթքը կը բարձրանայ դէպի Աստուած» շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր թեմերուն ու ժողովրդապետութիւններուն, որոնք աւելիով դիւրաբեկներուն ի սպաս ձեռնարկներ կազմակերպեցին, ապա ակնարկեց նոյն օրը յիշատակուող «ճանապարհի զոհերու» օրուան` աղօթք խնդրելով զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար ինչպէս նաեւ յանձնառում` «կանխարգիլելու արկածները»։

«Ձեզի հարցում մը ունիմ ուղղելիք եւ իւրաքանչիւրդ թող այս հարցումը ուղղէ ինքնիրեն», ըսաւ ապա Քահանայապետը հարց տալով. «Ես բանէ մը կը զրկուի՞մ, որպէսզի զայն նուիրեմ աղքատներուն։ Եւ երբ ողորմութիւն կը կատարեմ աղքատի ձեռքին կը դպչի՞մ ու անոր աչքերուն մէջ կը նայի՞մ»։

Չարաշահումներու զոհերուն ու վերապրողներուն աղօթքի Օր

 

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, պէտք չէ մոռնանք, որ աղքատները չեն կրնար սպասել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու իր աջակցութիւնը արտայայտեց Իտալիոյ Եկեղեցւոյ, որ վաղը կը յիշատակէ «չարաշահումներու զոհերուն ու վերապրողներուն աղօթքի Օրը» հաստատելով, որ «իւրաքանչիւր չարաշահում վստահութեան դաւաճանութիւն է` կեանքի դաւաճանութիւն է»։ «Աղօթքը անհրաժեշտ է` որպէսզի դարձեալ հիւսենք վստահութիւնը» յարեց Ան։

Ձկնորսներու համաշխարհային օր

Քահանայապետը ուզեց յիշել նաեւ ձկնորսները, Ձկնորսութեան Համաշխարհային Օրուան առիթով, որ պիտի յիշատակուի յառաջիկայ հինգշաբթի օր եւ ասկէ մեկնելով «Աստղ Ծովու Մարիամէն խնդրեց` որ պաշտպան կանգնի ձկնորսներուն ու անոնց ընտանիքներուն։

Խաղաղութեան կոչ

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հուսկ տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը եւ անգամ մը եւս հաւատացեալներէն խնդրեց, որ աղօթեն խաղաղութեան համար` «խաղաղութիւն մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Միանմարի եւ Սուտանի մէջ», ըսաւ Ան նշելով, որ «Պատերազմը անմարդկային կը դարձնէ, կը մղէ հանդուրժելու անընդունելի ոճիրները։ Թող` որ Կառավարիչները լսեն ժողովուրդներուն աղաղակը, որոնք խաղաղութիւն կը խնդրեն», յարեց Քահանայապետը ապա խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ աղօթքներ խնդրելով իր անձին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2024, 12:52