ҽ

2024.11.20 Partecipanti al Colloquio promosso dal Dicastero per il Dialogo Interreligioso

Միջուկային սպառնալիքի տակ գտնուող աշխարհին մէջ հաւատացեալները թող աշխատին յանուն խաղաղութեան. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր առաւօտեան` նախ քան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը հանդիպում ունեցաւ Միջկրօնական երկխօսութեան Վերատեսչութեան և Թեհրանի միջկրօնական և միջ մշակութային երկխօսութեան կենտրոնի միջև տեղի ունեցած զրոյցի մասնակցողներուն հետ որուն նիւթն էր` «Երիտասարդներու կրթութիւնը, մասնաւորապէս ընտանիքին մէջ. մարտահրաւէր քրիստոնեաներու և իսլամներու համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պարտաւորութիւնը, որ միասին՝ «մենք խաղաղութեան Աստուծոյ հաւատացողներս», «Ամենակարող սիրոյ Աստուծոյն», կարող ենք «ցոյց տալ ի նպաստ խաղաղութեան, մեզ հաւատալի կը դարձնէ աշխարհի և յատկապէս նոր սերունդներու աչքերուն»: Իսկ «ատելութեամբ, լարուածութեամբ, պատերազմներով և միջուկային հակամարտութիւններու սպառնալիքներով բաժանուած և պառակտուած աշխարհի ներկայիս իրավիճակը» մեզ կը մղէ «աղօթելու և աշխատելու երկխօսութեան, հաշտութեան, խաղաղութեան, անվտանգութեան և ողջ մարդկութեան ամբողջական զարգացման ի սպաս»: Ընդգծումներն են ասոնք զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կատարեց այսօր առաւօտեան` նախ քան չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, Պօղոս Զ անուան սրահի փոքր դահլիճին մէջ Թեհրանի «Միջկրօնական և միջ մշակութային երկխօսութեան կենտրոնի» ու միջկրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան միջեւ ԺԲ զրոյցին մասնակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։

Իրանի մէջ Եկեղեցին քրիստոնէական վկայութեան մեծ դերակատար

Իր խնդակցութիւնները փոխանցելէ ետք Զրոյցին համար, Սրբազան Պապը ընդգծեց նաեւ երկար ու պտղաբեր համագործակցութեան կարեւորութիւնը, որ կը խթանէ մշակոյթն ու երկխօսութիւնը ապա մօտիկութիւնը արտայայտեց Իրանի մէջ Եկեղեցւոյ, մատնանշելով նաեւ Dominique Joseph Mathieu եպիսկոպոսին Կարդինալ ստեղծելու լուրին ու հաստատելով` որ Իրանի մէջ Եկեղեցին թէեւ «փոքր հօտ» է բայց քրիստոնէական վկայութեան մեծ դեր կը կատարէ։

Ընտանիքը կրթութեան ու դաստիարակութեան առաջին վայր

Սրբազան Պապը առ այդ գնահատանք արտայայտեց ընտրուած նիւթին համար` «Երիտասարդներու կրթութիւնը, մասնաւորապէս ընտանիքին մէջ. մարտահրաւէր քրիստոնեաներու և իսլամներու համար», նշելով, որ ընտանիքը կրթութեան առաջին վայրն է, ուր կը սորուինք արժէքներ, ինչպէս ունկնդրութիւնը, յարգանքը ու համակեցութիւնը եւ ասկէ մեկնելով  կարեւորեց տարեցներու ու մեծ պապիկ մամիկներու դաստիարակչական դերը` որոնք կը փոխանցեն կրօնականութիւնը կեանքի վկայութեան ընդմէջէն»։

Հաւատքին թուլաումը եւ ընտանեկան կառոյցը

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա կրթութեան մարտահրաւէրի մասին որ ակնյայտ է նաև կրօնական տարբերութիւններ ունեցող ընտանիքներուն մէջ, որոնք `կարող են դառնալ միջկրօնական երկխօսութեան վայրեր» յարեց Ան ակնարկելով նաեւ թէ ինչպէս հաւատքին թուլացումը որոշ ընկերութիւններուն մէջ կ՛ազդէ ընտանիքին վրայ, որ իր կրթական առաքելութիւնը կատարելու համար կարիքը ունի հաստատութիւններու աջակցութեան։

Քահանայապետին համար ապա միջկրօնական երկխօսութիւնը որպէսզի արդիւնաւէտ ըլլայ պէտք է ըլլայ բաց, անկեղծ և յարգալից:

Խղճի ու կրօնի ազատութիւնը

Ի վերջոյ Ան շեշտը դրաւ խղճի ու կրօնի ազատութեան կարեւորութեան վրայ,  խրախուսելով չի յոգնիլ խօսելու եւ աշխատելու ի նպաստ իւրաքանչիւր անհատի արժանապատւութեան ու անոր իրաւունքներուն յարգանքին, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հասարակութեան ու ժողովուրդի իրաւունքներուն, հաստատելով որ խղճի ազատութիւնը ու կրօնի ազատութիւնը արդարեւ անկիւնաքարեր են կառուցելու համար մարդկային իրաւունքները։

«Հակամարտութիւններով և լարուածութեամբ յատկանշուած աշխարհի մը մէջ հաւատացեալները կանչուած են աղօթելու և աշխատելու խաղաղութեան, հաշտութեան և անվտանգութեան ի նպաստ: Խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումը հաւատքի վկայութիւն է, որ յոյս կը պարգեւէ նոր սերունդներուն» եղաւ Սրբազան Պապին այլ ընդգծումներէն մին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2024, 10:41