ҽ

2013.03.14 Papa Francesco firma un documento

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պատմութիւնը ուսումնասիրել անցեալի յիշողութեամբ

Քահանայապետն համար, Ներկայի ընթերցման բանալին «տիախրոնիկ»ն է այսինքն «պատմութեան պարբերականացումն» է, որ կը մերժէ «սինխրոնիան» որ հաշուի չառներ պատմական զարգացումները։ Այս հեռանկարը հրատապ է` հակազդելու ո համար «անցեալի և պատմութեան ջնջման կամ կողմնակալ պատմական պատմութիւններուն» դէմ։ Խնդիրը աւելի լուրջ կը դառնայ «եթէ մտածենք խնամքով և թաքուն հաւատքով ստեղծուած պատմութիւններուն, որոնք կը ծառայեն ժամանակաւոր յիշողութիւններ, ինքնութեան յիշողութիւններ և բացառող յիշողութիւններ կառուցելու»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ նամակը հայող Եկեղեցւոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան կարեւորութեան ու անոր նորոգման ու թարմացումին։ Քահանայապետը կը պահանջէ զգուշանալ անոնցմէ` որոնք կ՛առաջարկեն «անտեսել» տարեցներու անցեալն ու փորձառութիւնը։

Եկեղեցւոյ պատմութիւնը պէտք է սիրուի եւ ուսումնասիրուի որպէս մայր, այնպէս ինչպէս որ է։ 21 նոյեմբեր թուակիր նամակին մէջ Քահանայապետը կ՛ընդգծէ Եկեղեցւոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս քահանաներու ու հովուական ծառայութեամբ զբաղողներու կազմաւորման համար։

Շրջանցել զուտ ժամանակագրական գիտելիքները

Ասկէ մեկնելով Ան կը հրաւիրէ խթանել պատմական իսկական զգայնութիւն մը աստուածաբանութիւն ուսանող համալսարանականներու միջեւ, որ շրջանցէ զուտ ժամանակագրական գիտելիքները եւ քաջալերէ անցնող սերունդներուն հետ խոր կապը։

Խթանել բարոյական պատասխանատուութիւնն ու զօրակցութիւն

Սրբազան Պապը հուսկ կը մատնանշէ` թէ պատմական ըմբռնումը կ՛օգնէ իրականութեան նկատմամբ ճիշտ տեսակէտ պահպանել՝ խուսափելով վտանգաւոր վերացականութիւններէն և խթանել բարոյական պատասխանատուութիւնն ու զօրակցութիւն։

Քահանայապետն համար, Ներկայի ընթերցման բանալին «տիախրոնիկ»ն է այսինքն «պատմութեան պարբերականացումը, որ կը մերժէ «սինխրոնիան» որ հաշուի չառներ պատմական զարգացումները։ Այս հեռանկարը հրատապ է` հակազդելու ու պայքարելու համար «անցեալի և պատմութեան ջնջման կամ կողմնակալ պատմական պատմութիւններուն» դէմ։ Խնդիրը աւելի լուրջ կը դառնայ «եթէ մտածենք խնամքով և թաքուն հաւատքով ստեղծուած պատմութիւններուն, որոնք կը ծառայեն ժամանակաւոր յիշողութիւններ, ինքնութեան յիշողութիւններ և բացառող յիշողութիւններ կառուցելուն»։

Քրիստոնէական հիմնական գրութիւնները որպէս հիմք

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա նկատել կու տայ, որ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը յաճախ կեդրոնացած է աջակցելու աստուածաբանութեան, այդպիսով կորսնցնելով ժամանակակից հասարակութեան հետ կապերը եւ ասկէ մեկնելով կ՛ընդգծէ պատմական աղբիւրներու պատշաճ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի ապագայի քահանաները, կարողանան հիմք ունենալ քրիստոնէական հիմնական գրութիւնները։

Վերակառուցել կորսուած ձայներու պատմութիւնը

Քահանայապետը առ այդ կը հրաւիրէ վերակառուցել կորսուած ձայներու պատմութիւնը եւ վերագտնել մարտիրոսութեան փորձառութիւնը, որ հիմնական է հասկնալու համար Եկեղեցին։

Պատմութեան իմացութիւնը դիտուած է որպէս հաշտեցման և առաջընթացի բանալի՝ խուսափելով խեղաթիւրումէն ու վերամշակումէն։

Ժամանակակից մարտահրաւէրներուն արձագանքել հիմնաւոր և կրքոտ հետազօտութիւններով

Ֆրանչիսկոս Պապը կը զգուշացնէ, որ պատմական իրազեկութեան բացակայութիւնը քայքայում և շփոթութիւն կը յառաջացնէ եւ նամակը կ՛աւարտէ ընդգծելով, որ խոր և քննադատական​​ ուսումնասիրութիւնը ոչ միայն տեղեկատւութեան կուտակում է, այլ կեանքի իմաստ փնտռելու միջոց՝ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն արձագանքելով հիմնաւոր և կրքոտ հետազօտութիւններով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2024, 11:00