Ֆրանչիսկոս Պապ. Աստուած տեսնել աշխարհի եւ մերձաւորին մէջ՝ ուրախութեան եւ սիրոյ միջոցաւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 21 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց վեցերորդ Ամերիկեան միսիոնարական համագումարին մասնակիցներուն նշելով թէ համագումարը տեղի կ՝ունենայ աղօթքի նուիրուած տարուան մէջ ի պատրաստութիւն 2025 յոբելինական Սուրբ Տարուան։
Յիշելով ապա Սուրբ Երրորդութեան նուիրուած աղօթքը, Նորին Սրբութիւնը նշեց որ Քրիստոնէական առաքելութիւնը հիմնուած է Աստուծոյ սիրոյն ուղղուած փորձառութեան վրայ, որ հրաւէր մըն է ըլլալու Բարի Լուրի վկաները՝ աշխատանքի եւ խօսքերու միջոցաւ։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ միսիոնարները Աստուածային սէրը կ՝աւետեն աղօթքի եւ ծառայութեան միջոցաւ ու մկրտուածի կոչումն է Աստուած տեսնել աշխարհի եւ մերձաւորին մէջ՝ ուրախութեան եւ սիրոյ միջոցաւ։ Սուրբ Հոգին մեզ կ՝առաջնորդ այս տիեզերական պատգամը փոխանցելու մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ Տիրամայրը, Աստուածամայրը աւետարանումի եւ ծառայութեան տիպար մըն է։ Տիրամայրը կը հրաւիրէ պահպանելու մեր հաւատքը եւ դառնալու միսիոնար առաքեալները մնալով Աստուծոյ եւ մեր միջեւ կապի մէջ ՝յաղթահարելու համար անարդարութիւնները մնալով սինոդականութեան եւ աղօթքի մէջ։
Աղօթքը եւ Տիրամօր ընդօրինակելը մեզ կ՝առաջնորդեն ըլլալու խաղաղութեան եւ վերանորոգումի միջոցներ, նշեց Սրբազան Հարը ու պատգամը աւարտեց հայցելով Տիրամօր հովանին եւ Տիրոջ օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ