ҽ

2024.11.20 Udienza Generale

Քահանայապետը յայտարարեց երկու նոր սուրբերու սրբադասումը ու կարդաց ուքրանացի երիտասարդի մը նամակը

Ան ապա նշեց թէ այսօր յիշատակուող մանուկներու իրաւունքներու համաշխարհային օրուան առիթով, յառաջիկայ Փետրուարի 3ին, Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ համաշխարհային հանդիպումը նուիրուած մանուկներու իրաւունքներուն որուն բնաբանն պիտի ըլլայ «Սիրենք ու պաշտպանենք զանոնք»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 20 նոյեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք այս առիթով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները հաստատեց` որ այսօր յիշատակուող Մանուկներու եւ պատանիներու իրաւունքներու համաշխարհային օրուան առիթով, կը փափաքի յայտարարել` թէ յառաջիկայ 3 փետրուարին, Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ համաշխարհային Հաւաք նուիրուած մանուկներու իրաւունքին, որուն բնաբանը պիտի ըլլայ «Սիրենք ու պաշտպանենք զանոնք», որուն պիտի մասնակցին տարբեր Երկիրներէն մասնագէտներ ու անձնաւորութիւններ։

Սիրենք ու պաշտպանենք պատանիները

«Ասիկա պիտի ըլլայ առիթ բացայայտելու նոր ուղիներ՝ օգնելու և պաշտպանելու տակաւին առանց իրաւունքի միլիոնաւոր երեխաները, որոնք կ՛ապրին անապահով պայմաններու մէջ, շահագործուած և բռնութեան ենթարկուած և կը կրեն պատերազմներու ողբերգական հետևանքները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով խումբ մը մանուկներուն, որոնք կը պատրաստեն այդ Օրը ու շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց աշխատանքին համար։

Երկու նոր սուրբեր

Նորին Սրբութիւնը առ այդ նշեց` թէ եկող տարի Պատանիներուն նուիրուած Օրուան առիթով (25 -27 ապրիլ 2025) սուրբ պիտի հռչակէ Երանելի Քարլօ Աքութիսը իսկ Երիտասարդներուն նուիրուած Օրուան առիթով (28 Յուլիս 3 օգոստոս 2025) սուրբ պիտի հռչակէ Երանելի Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթին։

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի հազարերորդ օր

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա երէկ լրացած Ուքրանիոյ պատերազմի հազարերորդ օրուան զայն սահմանելով «ողբերգական տարեդարձ զոհերուն ու պատճառած աւերներուն համար»։

«Միևնոյն ժամանակ անիկայ ամօթալի աղէտ է ողջ մարդկութեան համար» պնդեց Քահանայապետը հրաւիրելով շարունակել մօտիկ ըլլալ տանջուած ուքրանացի ժողովրդին, «խաղաղութիւն հայցելով և աշխատելով որ զէնքերը զիջին երկխօսութեան և հակառակութիւնը հանդիպումին»։

Երիտասրադ ուքրանացի համալսարականին նամակը

Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը նշեց` թէ ինք նամակ մը ստացած է Ուքրանացի մէկ համալսարանականէ մը որուն մէջ ան գրած է. «Սրբազան Հայր, չորեքշաբթի օր երբ պիտի յիշէք իմ Երկիրս եւ առիթը պիտի ունենաք խօսելու համայն աշխարհին, այս ահաւոր պատերազմի հազարերորդ օրուան առիթով, ձեզմէ կը խնդրեմ, որ չխօսիք միայն մեր տառապանքներու մասին այլ նաեւ վկան դառնաք մեր հաւատքին։ Եւ նոյնիսկ եթէ ան կատարեալ չէ, անոր արժէքը չի նուազիր, եւ ցաւագին վրձանահարուածներով կը ներկէ Յարուցեալ Քրիստոսի պատկերը։

Միայն սէրը, յոյսը եւ հաւատքը, իսկական իմաստ կը պարգեւեն վէրքերուն

Այս օրերուն շատ մահեր եղան իմ կեանքիս մէջ։ Դժուար է ապրիլ քաղաքի մը մէջ, ուր հրթիռը կը սպանէ և կը վիրաւորէ տասնեակ խաղաղ բնակիչներ, եւ ականատես ըլլալ այդքան արցունքներու հեղումին։ Պիտի ուզենայի փափչիլ, պիտի ուզէի ըլլալ իր մօրը գիրկը գտնուող մանուկ մը, պիտի ուզէի մնալ լռութեան ու սիրոյ մէջ, բայց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որովհետեւ այս տառապանքին ընդմէջէն, սորվեցայ աւելիով սիրել։ Վիշտը միայն զայրոյթի և յուսահատութիւն ճանապարհ չէ. Եթէ անիկայ հիմնուած ըլլայ հաւատքին վրայ` սիրոյ բարի ուսուցիչ է։ Հայր, եթէ տառապանքը ցաւ կը պատճառէ կը նշանակէ` որ դուն կը սիրես, ուստի երբ պիտի խօսիք մեր տառապանքի մասին, երբ պիտի յիշէք հազար օրուայ տառապանքը, յիշեցէք նաեւ հազար օրուայ սէրը, որովհետեւ միայն սէրը, յոյսը եւ հաւատքը, իսկական իմաստ կը պարգեւեն վէրքերուն»։

«Այսպէս գրեց այս երիտասարդ ուքրանացի համալսարանականը», ըսաւ Քահանայապետը։

ՀՀ Վարչապետի տիկին` Տիկ. Աննա Յակոբեան։
ՀՀ Վարչապետի տիկին` Տիկ. Աննա Յակոբեան։

Յայտնենք` որ ընդհանուր ունկնդրութեան ի շարս այլ Առաջին Տիկիններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՀ Վարչապետի տիկին` Տիկ. Աննա Յակոբեան, որ առիթը ունեցաւ ձեռնուելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2024, 11:26