ҽ

Ֆրանչիսկոս Պապ. Սատանային առիթ չտանք, ան կը գայթակղեցնէ մեզ սնպաշտութեան եւ արհեստագիտութեան միջոցաւ

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան նիւթը եղաւ Աւետարանէն քաղուած Յիսուսի անապատի մէջ փորձութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ որ սատանային ապացոյցը կը տեսնենք սուրբերու եւ հաւատացեալներուն մէջ ,որովհետեւ սատանան ստիպուած դուրս կու տայ լոյսի դէմ կանգնելու համար։ Չարին յաղթելու համար պէտք է ընել այնպէս ինչպէս Յիսուսը ըրաւ ըսելով, «այպէս գրուած է»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Այն ատեն Յիսուս Հոգիէն առաջնորդուեցաւ անապատ, սատանայէն փորձուելու համար»։

Չորեքշաբթի, 25 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան նիւթը եղաւ՝ Աւետարանէն քաղուած անապատին մէջ սատանային կողմէ Յիսուսի փորձութեան դէպքը։
Այն ատեն Յիսուս Հոգիէն առաջնորդուեցաւ անապատ, սատանայէն փորձուելու համար։

Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած Հազարաւոր Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը յարեց որ Յիսուսի այդ փորձութեան նախաձեռնութիւնը սատանայինը չէր, այլ Աստուծոյ էր։ «Յիսուս անապատ երթալով կը հնազանդի Սուրբ Հոգիին ներշնչումին եւ չ՝յինար սատանային թակարդին մէջ։օ։

Մէջբերելով ապա Յիսուսի խօսքը, «Իսկ եթէ ես Աստուծոյ հոգիով կը հանեմ դեւերը, հասած է ձեր վրայ Աստուծոյ արքայութիւնը» (Մատթ 12,27)» Սրբազան հայրը 5ընդգծեց, որ Յիսուս անապատին մէջ ազատուեցաւ սատանայէն, հիմա կրնայ մեզ ազատել սատանայէն ու այսօր ձեւով մը ականատես ենք սատանային հետ կապուած տարօրինակ երեւոյթի մը։

«Որոշակի Մշակութային մակարդակի վրայ կ՝ենթադրուի, որ ան պարզապէս գոյութիւն չ՝ունի։ Սակայն սատանային ամենէն մեծ խորամանկութիւնը, այն է որ մարդիկ հաւատան, թէ ինք գոյութիւն չ՝ունի։ (Charles Baudelaire), հակառակ որ մեր աշխարհիկ արհեստագիտական աշխարհը լի է մոգերով, աստղագուշակներով եւ սատանայական աղանդներով։ Սատանան դուռէն դուրս վռնտուելով պատուհանէն կը մտնէ։ Հաւատքէն վռնտուելով, կը վերադառնայ սնահաւատութեամբ», ըսաւ Քահանայապետը։

Սատանային գոյութեան ամենազօրաւոր ապացոյցը Սուրբերուն մէջ կը տեսնենք։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ սատանային գոյութեան ամենաուժեղ ապացոյցը, ոչ թէ մեղաւորներու մէջը կը տեսնենք, այլ Սուրբերուն մէջ։ «Սուրբերուն կեանքին մէջն է, որ սատանան ստիպուած է դուր գալու, «լոյսի դէմ» կանգնելու համար։ Քիչ թէ շատ բոլոր սուրբերը եւ մեծ հաւատացեալները կը վկայեն խաւար իրականութեան դէմ իրենց պայքարին մասին եւ կարելի չէ ազնիւ օրէն ենթադրել, թէ բոլորը մոլորուած էին կամ պարզ զոհեր էին իրենց ժամանակի նախապաշարումներուն»։

Չարին դէմ պայքարը կը յաղթահարենք, այնպէս ինչպէս Յիսուսի յաղթեց անապատին մէջ՝ Աստուծոյ խօսքով

Չարին դէմ պայքարը կը յաղթահարենք, այնպէս ինչպէս Յիսուսի յաղթեց անապատին մէջ՝ Աստուծոյ խօսքով՝ «այսպէս գրուած է»։ Յիսուս երեք անգամ այդպէս պատասխանեց գայթակղիչին» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ Սուրբ Պետրոսը նաեւ կ՝առաջարկէ այլ միջոց մը, որուն Յիսուսը երբեք կարիքը չ՝ունեցաւ, բայց մենք ունինք՝ հսկողութիւնը։ «Սթափ եղէք եւ հսկեցէք»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարելով որ Յիսուս խաչին վրայ յաւէրժ օրէն յաղթեց «այս աշխարհի իշխանի» զօրութեան, յիշեց եկեղեցւոյ Հօր մը խօսքը որ կ՝ըսէ, «Սատանան շունի նման կապուած է շղթայի մը ու ոչ մէկուն կրնայ կրծել, խածնել, եթէ ոչ անոր որ, արհամարհելով վտանգը, կը մօտենայ իրեն։… Սատանան կրնայ հաչել, կրնայ պնդել, սակայն կարող չէ խածնել, բացի անորմէ որ կը ցանկանայ իրեն։ Այս առնչութեամբ օրինակ բերելով Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ համացանցի մէջ տարածուած պոռնկագրութեան ըսելով որ ժամանակից «արհեստագիստութիւնը բացի բազմաթիւ դրական հարստութիւններէն՝ որոնք պէտք են գնահատուին, կ՝առաջարկեն նաեւ անհամար միջոցներ՝ սատանային առիթ տալու համար ու շատեր կ՝իյնան անոնց մէջ» ու հրաւիրեց մտածելու համացանցի մէջ պոռնկագրութեան մասին, «որուն ետեւը բարգաւաճ շուկայ կայ, եւ որուն ետեւը տարածուած երեւոյթ կայ, որմէ քրիստոնեաները պէտք են զգոյշ ըլլալ եւ պէտք են բռնի կերպով մերժեն»։

Քրիստոս յաղթեց սատանային ու մեզի տուաւ Սուրբ հոգին, որպէսզի մերը դարձնենք իր յաղթանակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը աւարտեց ըսելով. «Պատմութեան մէջ սատանային գործողութեան գիտակցումը, պէտք չէ յուսահատեցնէ։ Վերջնական միտքը պէտք է ըլլայ՝ նաեւ այս դէպքի մէջ, վստահութեան եւ անվտանգութեան մասին։ Քրիստոս յաղթեց սատանային ու մեզի տուաւ Սուրբ հոգին, որպէսզի մերը դարձնենք իր յաղթանակը։ Հակառակորդին գործողութիւնը կարող է վերածուիլ մեր օգուտին, եթէ Աստուծոյ օգնութեամբ այդ ծառայէ մեր մաքրագործութեան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց աղօթելու Սուրբ Հոգիին այս օրհներգով։

«Հեռացուր մեզմէ սատանան եւ շուտով մեզի խաղաղութիւն տուր։ Քու հետդ՝ որպէս մեր ուղեցոյցը մենք կը խուսափինք ամէն չարէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2024, 09:13

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >