ҽ

Ասիա եւ Ովկիանիա առաքելական ճամբորդութիւնը առանցքը կազմեց Քահանայապետի խորհրդածութեան

«Այս ճամբորդութենէն ետքը ինքնաբերաբար յառաջացող առաջին մտորումը այն է, որ Եկեղեցւոյ մասին մտածելով, մենք տակաւին չափազանց եւրոկենտրոն ենք, կամ, ինչպէս կ՛ըսեն «արևմտեան»: Իրականին մէջ Եկեղեցին շատ աւելի մեծ է և աւելի կենսունակ: Ես այս մէկը զգացի յուզիչ կերպով՝ հանդիպելով այդ համայնքներուն, լսելով քահանաներու, մայրապետներու, աշխարհականներու, յատկապէս կրօնուսոյցներու վկայութիւնները։ Եկեղեցիներ, որոնք «մարդորսորդութիւն» չեն ընէր, բայց կ՛աճին «գրաւչութեան» միջոցաւ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր պիտի խօսիմ Ասիա եւ Ովկիանիա կատարած ճամբորդութեանս մասին։ Ան կոչուած է առաքելական ճամբորդութիւն, որովհետեւ զբօսասիրութեան ճամբորդութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն` տանելու համար Աստուծոյ Խօսքը, ծանօթացնելու համար Տէրը, ու նաեւ գիտակցելու ժողովուրդներու հոգիին»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ` 18 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, խօսքը ուղղելով այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը
18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը

Սիրոյ ուղիները

Նախ քան խորհրդածութիւնը ան բեմ հրաւիրած էր Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան անձնակազմի մաս կազմող զոյգ մը, յայտարարելով` թէ «անոնքպիտի ամուսնանան յառաջիկայ շաբաթ օր» եւ աւելցնելով. «շատ գեղեցիկ է տեսնել, թէ ինչպէս սէրը մեզ առջեւ կը տանի նոր ընտանիք մը կազմելու համար եւ ասոր համար է, որ ուզեցի զանոնք ներկայացնել` շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրոջ» ըսաւ Քահանայապետը։

Առաքելական պատմական ճամբորդութիւն

Ան ապա նշեց, թէ «Սուրբ Պօղոս Զ, 1970ին, եղաւ առաջին Քահանայապետը, որ մեկնեցաւ դէպի ծագող արեւը, երկար ժամանակ այցելելով Ֆիլիփինեան կղզեխումբն ու Աւստրալիան բայց նաեւ կանգ առնելով Ասիայի տարբեր երկիրներու և Սամոա կղզիներուն մէջ»:

«Պատմական ճամբորդութիւն մը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, նշելով, թէ իր կատարած ճամբորդութեամբ ինք ուզեց հետեւիլ Անոր օրինակին եւ «անորմէ մի քանի տարի մեծ ըլլալով ճամբորդութիւնս սահմանեցի չորս երկիրներու` Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Արևելեան Թիմոր և Սինկափուր» յարեց Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով Տիրոջ, որ իրեն թոյլ տուաւ, որպէս ծեր Պապ ընել այն ինչ, որ ինք ցանկացած էր ընել, որպէս երիտասարդ Յիսուսեան։

18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը
18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը

Կենսունակ ու մեծ Եկեղեցի

«Այս ճամբորդութենէն ետքը ինքնաբերաբար յառաջացող առաջին մտորումը այն է, որ Եկեղեցւոյ մասին մտածելով, մենք տակաւին չափազանց եւրոկենտրոն ենք, կամ, ինչպէս կ՛ըսեն «արևմտեան»: Իրականին մէջ Եկեղեցին շատ աւելի մեծ է և աւելի կենսունակ: Ես այս մէկը զգացի յուզիչ կերպով՝ հանդիպելով այդ համայնքներուն, լսելով քահանաներու, մայրապետներու, աշխարհականներու, յատկապէս կրօնուսոյցներու վկայութիւնները։ Եկեղեցիներ, որոնք «մարդորսորդութիւն» չեն ընէր, բայց կ՛աճին «գրաւչութեան» միջոցաւ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։

18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը
18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը

Կարեկցանքը քրիստոնեաներուն ճանապարհ

Ան ապա նշեց, թէ «Ինտոնեզիայի մէջ քրիստոնեաները 10 առ հարիւր են, կաթողիկէները 3 առ հարիւր։ «Բայց այն ինչ որուն ես հանդիպեցայ, աշխոյժ, դինամիկ եկեղեցի մըն է, որ կարող է ապրիլ և փոխանցել Աւետարանը այդ երկրին մէջ, որ ունի շատ վեհ մշակոյթ, հակուած ներդաշնակեցնելու բազմազանութիւնը և միևնոյն ժամանակ ունի մահմետականներու ամենամեծ ներկայութիւնը աշխարհին մէջ»:

«Այդ ոլորտէն ներս ես հաւաստիացումն ունեցայ` թէ կարեկցանքը այն ճանապարհն է, որով քրիստոնեաները կարող ու պէտք են քալել, վկայութիւն տալու համար Քրիստոս Փրկչին ու միեւնոյն ատեն հանդիպիլ մշակութային ու կրօնական մեծ աւանդութիւններուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսելով ճամբորդութեան զանազան Երկիրներու մէջ իր կատարած առաքելութեան մասին, յատուկէն շեշտելով կարեկցութեան կարեւորութիւնը ու հրաւիրելով չմոռնալ Տիրոջ երեք յատկութիւնները. Մօտիկութիւնը, ողորմութիւնը ու կարեկցանքը. «Աստուած մօտիկ է, Աստուած ողորմած է եւ Աստուած կարեկցող է» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով, թէ «եթէ քրիստոնեայ մը գթութիւն չի ցուցաբերեր ան ոչ մէկ բանի կը ծառայէ»։

18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը
18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը

«Հաւատք, եղբայրութիւն կարեկցութիւն» Ինտոնեզիայի ճամբորդութիւնը

«Հաւատք, եղբայրութիւն կարեկցութիւն» եղաւ Ինտոնեզիայի ճամբորդութեան կարգախօսը։ Այս խօսքերով Աւետարանը ամէն օր, գործնականին մէջ, կը մտնէ այդ ժողովուրդի կեանքին մէջ, զայն ընկալելով ու անոր նուիրելով մերած եւ յարութիւն առած Յիսուսին շնորհքը։ Այս խօսքերը նման են կամուրջի մը, նման այդ ներքնուղին որ Ճաքարթայի աթոռանիստ Եկեղեցին կը կապէ Ասիայի ամենամեծ մզկիթին։ Այնտեղ տեսայ` որ ապագան եղբայրութիւնն է, պատասխանն է հակա-քաղաքակրթութեան, ատելութեան սատանայական թակարդներուն եւ պատերազմին» ըսաւ Սրբազան Պապը։

18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը
18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը

Փափուա Նովա Կինէան

«Դէպի դուրս միսիոներական Եկեղեցւոյ գեղեցկութիւնը գտայ Փափուա Նովա Կինէայի մէջ, արշիպեղագոս մը, որ կը ձգուի դէպի Խաղաղ ովկիանոսի անսահմանութիւնը: Այնտեղ տարբեր էթնիկ խումբեր կը խօսին աւելի քան ութը հարիւր լեզուներ։ Իտէալական վայր` Սուրբ Հոգիին համար, որ կը սիրէ սիրոյ պատգամը հնչեցնել լեզուներու «սինֆոնիայի» միջոցաւ։ Այնտեղ, որոշակի ձևով, գլխաւոր հերոսները եղած են եւ կը մնան միսիոներներն ու կրօնուսոյցները» ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց, «սիրտս հրճուեցաւ ժամանակ անցնելով այսօրեայ միսիոնարներուն ու կրօնուսոյցներուն հետ եւ զիս յուզեց մտիկ ընել երիտասարդներուն երգերն ու երաժշտութիւնը, անոնց մէջ տեսայ նոր ապագայ մը, առանց ցեղային բռնութիւններու, առանց կախուածութիւններու, առանց տնտեսական կամ իտէալական գաղափարապաշտութեան։ Ապագայ մը եղբայրութեան եւ խնամքի, բնական սքանչելի շրջապատին»։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ Վանիմօ քաղաք կատարած հանգրուանը ապա հաստատեց. «Փափուա Նովա Կինէան կարող է ըլլալ համապարփակ զարգացումի տիպարի աշխատանոց՝ աշխուժացած Աւետարանի «թթխմորով»։ Որովհետև չկայ նոր մարդկութիւն առանց նոր այր մարդոց ու նոր կիներուն և միայն Տէրն է, որ զանոնք կը ստեղծէ»։

18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը
18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը

Արեւելեան Թիմոր

«Քրիստոնէական պատգամի մարդկային և սոցիալական խթանման ուժը կը բացայայտուի յատկապէս Արևելեան Թիմորի պատմութեան մէջ: Այնտեղ Եկեղեցին ամբողջ ժողովուրդի հետ կիսեց անկախութեան գործընթացը՝ զայն միշտ կողմնորոշելով դէպի խաղաղութիւն և հաշտութիւն» եղան Քահանայապետին Թիմոր Լեսթի ճամբորդութեան յատկացուած խօսքերը։

«Ասիկա հաւատքի գաղափարախօսութիւն չէ, ո՛չ, հաւատքն է` որ կը դառնայ մշակոյթ ու միեւնոյն ժամանակ զայն կը լուսաւորէ, կը բիւրեղացնէ ու կը բարձրացնէ» շարունակեց Պապը նշելով, որ այդ պատճառով է` որ ինք «վերարծարծեց հաւատքի և մշակոյթի միջև բեղմնաւոր փոխյարաբերութիւնը, որոնց վրայ արդեն կեդրոնացած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդը իր այցելութեան ժամանակ»:

«Բայց եւ ամենէ առաջ ես տպաւորուեցայ այդ ժողովուրդի գեղեցկութեամբ։ Ժողովուրդ` որ տանջուած է բայց ուրախ, տառապանքի մէջ իմաստուն ժողովուրդ. Ժողովուրդ, որ ոչ միայն շատ երեխաներ ունի, այլ անոնց կը սորվեցնէ ժպտալ: Եւ ասիկա ապագայի երաշխիք է։ Մէկ խօսքով, Արևելեան Թիմորի մէջ ես տեսայ Եկեղեցւոյ երիտասարդութիւնը, ընտանիքներ, մանուկներ, երիտասարդներ, բազմաթիւ նորընծաներ և նուիրեալ կեանքի ձգտողներ: Ես առանց չափազանցութեան շնչեցի «գարնանային օդ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը
18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը

Սինկափուրը

Ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը Սինկափուրն էր։ Շատ տարբեր երկիր մը միւս երեքէն. ժամանակակից քաղաք-պետութիւն, Ասիայի և անոր սահմաններէն դուրս գտնուող տնտեսական և ֆինանսական կենտրոն: Այնտեղ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են, բայց կը կազմեն կենդանի Եկեղեցի մը՝ յանձնառու տարբեր էթնիկ խումբերու, մշակոյթներու և կրօններու միջև ներդաշնակութիւն և եղբայրութիւն ստեղծելու: Նոյնիսկ հարուստ Սինկափուրին մէջ սակայն կան «փոքրիկներ», որոնք կը հետևին Աւետարանին և կը դառնան աղ ու լոյս, վկաները աւելի մեծ յոյսի մը, որ աւելի մեծ է քան այն բանէն, զոր կարող են երաշխաւորել տնտեսական շահերը։

«Ես կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այս ժողովուրդներուն, որոնք զիս ընդունեցան ջերմութեամբ ու սիրով։ Շնորհակալ եմ անոնց կառավարիչներուն, որոնք օգնեցին, որ ճամբորդութիւնը իրականանայ կանոնաւոր կերպով։ Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք համագործակցեցան եւ գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ այս ճամբորդութեան նուէրին համար ու կը նորոգեմ երախտագիտութիւնս, բոլորին, բոլորին» ըսաւ Սրբազան Պապը հայցելով որ «Աստուած օրհնէ բոլոր մարդիկը որոնց հանդիպեցաւ եւ առաջնորդէ զանոնք խաղաղութեան և եղբայրութեան ճանապարհով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2024, 10:14

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >