ҽ

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (7)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

­ՄԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Մխիթար սարկաւագ հեզութեամբ կը ծառայէր Միքայէլ եպիսկոպոսին իբրեւ սենեկապան կամ փոքրաւոր, անթերի կատարելով անոր հրամանները, վէրքերը մաքրելով, հագուստները շտկելով, ձեռքերուն սափորով ջուր լեցնելով եւ նման ծառայութիւններ կատարելով։ Սակայն վարդապետը նոյնիսկ փոքր եւ ակամայ թերութիւններու համար այնքան զօրաւոր հարուածներ կը հասցնէր գաւազանով, որ պատանին քանի մը օր կը տանջուէր ցաւէն։

Մխիթար այս շրջանին կը սկսի տառապիլ աչքերու ցաւով. գիշերները ուշ կը քնանար՝ որովհետեւ պէտք էր ծառայել իր վարդապետին՝ որ մոմի լոյսով երկար կ՚աշխատէր։ Միաժամանակ, գարնանային եղանակէն ալ կը նեղուէր, եւ արեւի ճառագայթներն ու փոշին աչքերը կը վնասէին, սակայն երբ աբեղաները զինք այգի մշակելու կամ դաշտ կը տանէին աշխատելու՝ վարդապետը չէր միջամտեր։

Այսքանով հանդերձ եթէ որեւէ գիտութիւն ջամբէր եւ կամ գիտելիք փոխանցէր՝ այդ բոլորը կրնային տանելի ըլլալ, սակայն ընդհակառակը, վարդապետը կը շարունակէր հեռու պահել Մխիթարը ուսման հետ որեւէ շփում ունենալէ, այնքան որ իր քով յաճախող աբեղաներուն երբ կը սկսէր դասաւանդել՝ Մխիթարը սենեակէն դուրս կը վտարէր։

Տեսնելով որ իր ուսման ծարաւը չի յագենար եւ ոչ ալ հոգեւոր կեանքի մէջ կը  յառաջանայ՝ Մխիթար լսած ըլլալով Սեւանի անապատի խստակրօն եւ ճգնասուն կեանքին մասին՝ կը որոշէ այդ վանքը երթալ։ Իր այս ծրագրին մասին կը յայտնէ Էջմիածնի մատակարար, քաղցրաբարոյ Թէոդորոս եպիսկոպոսին, որ կը խոստանայ օգնել իրեն եւ խորհուրդ կու տայ վանքէն գիշերանց հեռանալ, երբ միաբանները եկեղեցի գացած կ՚ըլլան աղօթելու։ Այդ օրերուն Էջմիածին ուխտի եկած էր սեբաստացի Ստեփանոս անունով ծանօթ մը, որ ուխտի պիտի երթար Խոր Վիրապ եւ անկէ Սեւանայ կղզին, ճամբան հանդիպելով ուրիշ ուխտավայրեր։

Մխիթար անոր հետ կը պայմանաւորուի, եւ առաւօտ կանուխ, լուսաբացին, հրաժեշտ տալով Թէոդորոս եպիսկոպոսին՝ անոր օրհնութիւնը կը ստանայ եւ կը հեռանայ Էջմիածնէն։ Գիւղին մէջ հանդիպելով Ստեփանոսին, միասին ուխտի կ՚երթան Խոր Վիրապ եւ ապա կ՚ուղղուին դէպի Սեւանայ կղզի։

Միքայէլ եպիսկոպոս տեսնելով որ Մխիթար չկար՝ ետեւէն մարդ կը ղրկէ որ զինք փնտռեն, գտնեն եւ վանք բերեն. սակայն անոնք ձեռնունայն կը վերադառնան, տեղեակ չըլլալով թէ ո՛ր ուղղութեամբ գացած էր Մխիթար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2024, 08:01