ҽ

2024.04.05 65° anniversario Cattedrale Armeno Cattolica San Grgeorio Sant'Elia - Libano

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 65-ամեակը

Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց Կարդինալ Գրիգոր- Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի ունեցած ներդրմանը եկեղեցւոյ շինութիւնը լրումին հասցնելու ի խնդիր։ Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք ըլլայ նիւթապէս, ըլլայ բարոյապէս օժանդակած են եւ կ'օժանդակեն եկեղեցւոյ վերելքին, որպէսզի ան հակառակ տիրող անբարենպաստ պայմաններուն կանգուն մնայ եւ անկէ ծխացող խունկերու բուրմունքն ու վառուող մոմերու լոյսը` լուսաւորեն հաւատաւոր ժողովուրդի սրտերը։

Իւրաքանչիւր յոբելեան ինքնին խօսուն վկան է տուեալ կառոյցի, կազմակերպութեան, միութեան եւ այլ ոլորտներու յարկէն ներս ծաւալուած գործունէութիւններուն։

Սոյն տեսակէտէ մեկնած` «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետական խորհուրդն ու ժողովրդապետութեան մէջ գործող բոլոր յանձնախումբերը, յատկապէս Երիտասարդական յանձնախումբը,

կը նշեն Համանուն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 65-ամեակը, որու մեկնարկը տեղի ունեցաւ` Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2024-ի, երեկոյեան ժամը 6-ին, եկեղեցւոյ Պօղոսեան սրահէն ներս՝ նախագահութեամբ Նորին Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս - Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հոգեւոր, պետական, ազգային, մշակութային, կրթական, հայրենակցական եւ այլ կառոյցներու բարձրաստիճան աւագանու, ինչպէս` Քահանայապետական նուիրակ` Գերապայծառ Փաոլօ Պորճայի, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Գերաշնորհ Հ. Սարգիս Աբրահամեանի, եւ այլ կարկառուն անձանց`

Տեղի ունեցած կլոր սեղանի զրոյցին, խօսք առին Շարլ Հայէք, Պաշիր Մճաէզ, Սիւզի Հէքիմեան եւ Տէր Րաֆֆի Յովհաննէսեան։

Կլոր սեղանի զրուցավարն էր լրագրող` Ալպեր Կոստանեան։

Հետաքրքրաշարժ զրոյցի աւարտին` Հոգեւոր Տէրը ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը, Ան նախ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հիմնարկէքին` թէ ինչպիսի՞ պայմաններու եւ ինչպիսի՞ զոհողութիւններու գնով կառուցուած է Պէյրութի ամենառազմավարական դիրքը գրաւած սոյն եկեղեցին։

Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց Կարդինալ Գրիգոր- Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի ունեցած ներդրմանը եկեղեցւոյ շինութիւնը լրումին հասցնելու ի խնդիր։

Ամեն. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք ըլլայ նիւթապէս, ըլլայ բարոյապէս օժանդակած են եւ կ'օժանդակեն եկեղեցւոյ վերելքին, որպէսզի ան հակառակ տիրող անբարենպաստ պայմաններուն կանգուն մնայ եւ անկէ ծխացող խունկերու բուրմունքն ու վառուող մոմերու լոյսը` լուսաւորեն հաւատաւոր ժողովուրդի սրտերը։

Այնուհետեւ Ամեն. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը մրցանակակիրներուն բաժնեց յուշանուէրներ։

Տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին Ամեն. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը, Աթոռանիստ եկեղեցւոյ հայրերը` Արժ. Տէր Րաֆֆի Քհնյ. Յովհաննէսեանն ու Գեր. Հայր Արամ Վրդ. Աբրահամեանը` ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորանքները։ 65-ամեակի մեկնարկի երեկոն անմահացաւ յիշատակի լուսանկարով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2024, 08:16